2008-11-28 14:47:24

Ծիսական ժամանակացոյցը Ուրբաթ` նոյեմբեր 28, Բ Յիսնակաց, Պահքի օր է։


Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն –

Յիսուս իր չարչարանքներու մասին ակնարկութիւններ կ՛ընէ Ես կրակ ձգելու եկած եմ երկրի վրայ եւ ի՞նչ պիտի ուզէի աւելի՝ եթէ այդ կրակը բորբոքած ըլլար արդէն։

Մկրտութեամբ մը պիտի մկրտուիմ եւ ինչքա՜ն կը փութամ, որ կատարուի այդ։

Հակասական երեւցող եւ դժուարաւ ըմբռնելի վարդապետութիւններ

Կը համարիք, թէ խաղաղութի՞ւն տալու եկայ երկրի վրայ, ո՛չ կ՛ըսեմ ձեզի, այլ՝ բաժանումներ։ Որովհետեւ ասկէ ետք՝ եթէ հինգ հոգի կան տունի մը մէջ, բաժնուած պիտի ըլլան անոնք, երեքը՝ երկուքէն եւ երկուքը՝ երեքէն։ Հայրը՝ իր որդիէն պիտի բաժնուի, որդին՝ հօրմէ, մայրը՝ աղջիկէն, աղջիկը՝ մօրմէ, կեսուրը՝ հարսէն եւ հարսն՝ իր կեսուրէն։

Ժամանակի նշանները

Իսկ ժողովուրդին ալ ըսաւ Երբ ամպ կը տեսնէք արեւմուտքէն՝ իսկոյն կ՛ըսէք, թէ անձրեւ պիտի գայ եւ այնպէս կ՛ըլլայ։ Երբ հարաւէն փչէ՝ կ՛ըսէք, թէ խորշակ պիտի յաջորդէ եւ այնպէս կ՛ըլլայ։ Կեղծաւորներ, դուք, որ փորձառութեամբ կը հասկնաք երկնքի եւ երկրի երեւոյթները, ինչպէ՞ս փորձ չէք ըներ, որ այս ներկայ ժամանակը հասկնաք։ Ինչո՞ւ, դո՛ւք ձեզմէ չէք գտներ ուղիղ (եզրակացութիւնը)։

Հաշտարար ոգին

Երբ ոսոխիդ հետ՝ իշխանին երթաս, որքան ատեն ճամբան ես դեռ՝ (անոր հետ) կարգադրէ՛ հաշիւդ, որ ազատիս անոր ձեռքէն, որ չըլլայ թէ դատաւորի քաշէ քեզ, դատաւորը դահիճի յանձնէ եւ դահիճը բանտ նետէ քեզ։ Ըսեմ քեզի, որ դուրս չես ելլեր անկէ, մինչեւ որ յետին բնիոնն անգամ չհատուցանես։

Պահոց ԲԿ Շարականէն

Մինչեւ երկինք մեղամչեցինք, քու արդար ցասումդ գրգռեցինք մեզի դէմ, մինչեւ դժոխք իջանք` մխրճուելով մեր անօրէնութեան մէջ, Տէր, ողորմութեամբ գթա՛ մեր վրայ, յիշէ Որդւոյդ արեան գինը եւ ողորմէ մեզի։ Հեռացուր մեզմէ, Քրիստոս, քու խաչիդ նշանովը ընդդիմամարտ եւ աներեւոյթ գազանը մի՛ թողուր որ ապականէ քու ժառանգութիւնդ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.